2014-12-20 11:43:07

Քահանայապետական ողորմնաբաշխ` գերապայծառ Քրայէվսքի 21 դեկտեմբերին կ՝այցելէ Հռոմի Ռէպիպիա բանտը։


(Ռ.Վ. 20 դեկտեմբեր 2014) Կիրակի. 21 դեկտեմբերին, Քահանայապետական ողորմնաբաշխ գերապայծառ՝ Քոնրատ Քրայէվսքի կ՝այցելէ Հռոմի Ռէպիպիայի բանտը ուր բանտարկեալներուն ներկայութեամբ կը մատուցանէ Սուրբ Պատարագի զոհը, ապա ներկաներուն կը փոխանցէ Ֆրանչիսկոս Պապի ջերմ ողջոյններն ու վերջերս Սուրբ Պետրոսի հրապարակի վրայ Նորին Սրբութեան կողմէ բաշխուած աղօթագրիք` ՝Երբ որ կ՝աղօթեմ Աստուած է որ մէջս կը շնչէ՝՝ բնաբանով ։
Յայտնենք որ Ռէպիպիա բանտին մէջ կը գտնուին 2500 բանտարկեալներ՝ 2100 այր մարդիկ, 350 կիներ եւ 20 մանուկներ։
Բանտարկեալներու մեծամասնութիւնը աղքատ եւ հիւանդ վիճակի մէջ կը գտնուին եւ զուրկ են ընտանեկան պարագաներէ՝ խնամք ստանալու համար։
Հոն կը գործեն 6 մատրանապետներ եւ 150 կամաւորներ ։
Նշենք, թէ անցեալ Սուրբ Զատկուայ տօնին, Գերապայծառ Քրայէվսքին
այցելած էր Հռոմի Ռէճինա Չէլի բանտը ու բանտարկեալներուն փոխանցած էր Ֆրանչիսկոս Քահանայապետի պարգեւը՝ փոքրիկ աւետարան մը։







All the contents on this site are copyrighted ©.